– ՇԱՏ հաւանական է, որ ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա այս տարեշրջանի աւարտին Իթթիհատ ակումբին հետ իր վերջին մրցումները կատարէ` վերջ տալու իր ասպարէզին:
36 տարեկան Պենզեմա վերջնական որոշում տուած չէ, բայց ան շատ հանգիստ չի զգար եւ կ՛ուզէ վերջ տալ իր ասպարէզին, հակառակ անոր որ Իթթիհատ կ՛ակնկալէ, որ Պենզեմա ակումբին հետ մնայ մինչեւ 2026:
– ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ այլ խումբերէն Հիլալ, ըստ երեւոյթին այս տարեշրջանի աւարտին պիտի կորսնցնէ Նէյմարը: Վերջինս իր խմբակիցներուն յայտնած է, թէ պիտի միանայ Միացեալ Նահանգներու Ինթեր Մայեմիին, վերստին խմբակից ըլլալով Մեսսիի եւ Սուարեսի:
Նէյմար, որ վերջերս յայտնած էր, թէ իր ասպարէզի լաւագոյն ֆութպոլի օրերը Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ էին եւ ոչ թէ Պարսելոնայի, շատ հազուադէպ ելոյթներ ունեցաւ Հիլալի հետ… միշտ վիրաւոր ըլլալով:
– ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Սիթիի միջնապահ Պեռնարտօ Սիլվա քննադատեց իր խմբակիցներուն խաղարկութիւնը վերջին 10 մրցումներուն: «Մենք արժանի էինք այս ամէն ինչին, որ կը պատահի: Այս մակարդակով 1-2 մրցում անբախտ կրնաս ըլլալ: Բայց երբ ատիկա կրկնուի 10 մրցում շարունակ, չես կրնար ըսել, որ բախտ է կամ անյաջողութիւն: Մենք սկսած ենք 15 տարեկաններու նման աններելի սխալներ ընել: Մրցումները լաւ կը խաղանք, բայց շատ անհոգ կը վարուինք մեր սխալներուն նկատմամբ», ըսաւ Սիլվա, որ Սիթիի հետ վերջին 11 մրցումներէն միայն 1-ը կրցած է յաղթել:
– ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ եւ Լիվըրփուլի յառաջապահ Տարուին Նունիես հաւանաբար միանայ Աթլեթիքօ Մատրիտին: Մատրիտի կազմի մարզիչ Տիեկօ Սիմէոնէ մօտէն կը հետաքրքրուի Նունիեսի այն ծառայութիւններով, որոնք կը յարմարին Աթլեթիքոյի խաղարկութեան:
– ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ Սիթիի նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ կ՛ուզէ յառաջիկայ ամրան միանալ Պարսելոնային:
Հաալանտ խորհրդակցած է մարզիչ Կուարտիոլայի եւ իր ընկեր Իլքայ Կիւնտողանի հետ, որոնք խորհուրդ տուած են ընտրել Պարսելոնան, ուր Հաալանտ մրցակցութիւն չ՛ունենար Էմպափէի, Վինիսիուսի եւ այլ աստղերու հետ: Հաալանտ կը փափաքի Միջերկրական ծովի ափին բնակիլ:
– ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ դժուար կացութեան կրնայ մատնուիլ յունուարին, երբ Տանի Օլմօ կրնայ դուրս մնալ կազմէն: Օլմօ, որ արձանագրութեան հարց ունէր, օգտուած էր յետսապահ Քրիսթիանսընի վիրաւոր ըլլալէն` իր տեղը արձանագրուելով: Այդ «ժամանակաւոր» արձանագրութիւնը չեղեալ կը նկատուի ինքնաբերաբար, երբ Քրիսթիանսըն վերադառնայ, եւ ան նոյնիսկ առանց նիւթական պատրաստութեան կրնայ միանալ որեւէ ակումբի:
Պարսելոնայի «գլխու ցաւեր»-ը անվերջ կը թուին ըլլալ, երբ երկու մարզիկներ` յետսապահ Ռոնալտ Արաուխօ եւ միջնապահ Ֆրենքի Տը Եոնկ տակաւին չեն որոշած, թէ պիտի երկարաձգե՞ն իրենց պայմանագրութիւնը, թէ ոչ: Անոնց պայմանագրութիւնները կ՛աւարտին 2026-ին, բայց Պարսելոնա կ՛ուզէ այժմէն գիտնալ, թէ կ՛ուզե՞ն մնալ, թէ՞ ոչ: Եթէ ոչ, անոնք փոխանցման ցանկի վրայ պիտի դրուին յառաջիկայ ամրան: