Լիբանանի ազգային խումբը ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քուէյթը, Քաթարի մէջ:
Տոհայի մէջ տեղի ունեցած մրցումը 2-րդ ճակատումն էր երկու խումբերուն քանի մը օրուան մէջ, ուր Քուէյթի ազգային խումբի առաջարկով տեղի ունեցած էին զոյգ մրցումներ, որոնք պատրաստութիւն էին Քուէյթի համար Ծոցի բաժակի մրցաշարքին համար:
Ալի Քասսաս եւ Խալիլ Խամիս նշանակեցին Լիբանանի կոլերը: Լիբանան հինգշաբթի օր ալ 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Քուէյթին, Տոհայի մէջ:


