Այսօր, Տոհայի մէջ ժամը 19:00-ին, «Լուսէյլ» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան ՖԻՖԱ-ի միջցամաքամասային բաժակի աւարտական մրցումը, Եւրոպայի ախոյեան Ռէալ Մատրիտի եւ հիւսիսային Ամերիկայի ախոյեան Փաչուքայի (Մեքսիքա) միջեւ:
Ռէալ Մատրիտի խումբը երկուշաբթի գիշեր 3 ժամ ուշացումով ճամբորդութիւն մը ունեցաւ դէպի Քաթար, եւ հաւանական է, որ ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ վերադառնայ դաշտ, վերջին մրցումին բացակայելէ ետք, երբ «Չեմփիընզ լիկ»-ի Աթալանթայի դէմ մրցումին մկանային հարց ունեցած եւ լքած էր մրցումը: Հակառակ Էմպափէի վերադարձին, Մենտի, Միլիթաօ, Քարվախալ եւ Ալապա պիտի բացակային:
Փաչուքա կիսաւարտականին փենալթիներով դուրս ձգած էր Ափրիկէի ախոյեան Ահլին (Եգիպտոս), եւ յառաջապահ գիծը կը վստահի վեթերան վենեզուելացի Սալոմոն Ռոնտոնի, որ 2010-էն 2012 խաղցած էր Մալակայի հետ` Սպանիոյ ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ:


