Չելսիի եւ Ուքրանիոյ ազգային խումբի միջնապահ Միխայիլ Մուտրիք շատ լուրջ խնդիրներ ունի:
Վերջին մրցումներուն ան մաս չէր կազմեր լոնտոնեան ակումբի կազմին, իսկ համակիրներու հետաքրքրութենէն ետք յստակացաւ, թէ հոկտեմբերի վերջին անոր կատարած մէզի քննութեան անոր մօտ յայտնաբերուած են աշխուժացնող դեղի նշաններ: Մինչեւ հիմա նկատի առնուած է Ա. փորձի նմուշը, որ դրական արդիւնք ունէր: Այժմ պիտի բացուի Բ. նմուշը, որուն արդիւնքը եթէ նոյնպէս դրական ըլլայ, մարզիկը կրնայ 4 տարիով կախակայուիլ:
Տակաւին յայտնի չէ, թէ ի՛նչ արգիլուած նիւթի մասին է խօսքը: Նման դէպքերու կախակայումը առաւելագոյնը 4 տարի եղած է: Եթէ մարզիկը կարենայ ապացուցել իր անմեղութիւնը, անոր կախակայումը կրնայ 2 տարուան նուազիլ, ինչպէս վերջերս պատահած էր Փոլ Փոկպայի հետ:
Նշենք, որ 2023-ի ձմրան, Չելսի 70 միլիոն եւրոյով ձեռք ձգած էր 23 տարեկան Մուտրիքը` Շախթիոր Տոնեցքէն: