Վեկասի պատմութեան մէջ բախտաւոր թիւեր ունին բոլորը… Միլուոքի Պաքսի համար այդ թիւը 3-ն էր, որուն շնորհիւ Միլուոքի Պաքս շահեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «Էմիրէյթց Քափ»-ը:
«Էմ. Վի. Փի.» ընտրուած Եաննիս Անթեթոքումփօ 26 կէտ նշանակեց 19 ռիպաունտի եւ 10 էսիսթի կողքին, եւ Տեմիըն Լիլըրտ 23 կէտ աւելցուց ի նպաստ Պաքսը 17 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` պարտութեան մատնելով Օքլահոմա Սիթի Թանտըրը` 97-81 արդիւնքով:
Պրուք Լոփես եւ Կերի Թրենթ 13-ական կէտեր նշանակեցին` միանալով Լոս Անճելըս Լէյքըրզի, իբրեւ միակ 2 բաժակակիր խումբերը, որոնք շահած են այս մրցաշարքը:
Առաջին կիսախաղին շատ խիստ մրցակցութիւն կար, սակայն Բ. կիսախաղին 19-5 յաջորդական կէտեր նշանակելէ ետք Միլուոքի ձեւով մը պահեց իր առաւելութիւնը Օքլահոմայի վրայ, որ միայն 31 կէտ կրցաւ նշանակել Բ. կիսախաղին: Թանտըր, որ առնուազն 99 կէտ կը նշանակէր ամէն մրցումի, միայն 34 տոկոսով յաջողութիւն արձանագրեց մանաւանդ 3 կէտնոց կողովներու պարագային:
Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր (21 կէտ) եւ Ճէյլըն Ուիլիամս (18 կէտ) եղան Թանտըրի լաւագոյնները:
Պաքս յաւելեալ նիւթական նուէրներ ստացաւ` իւրաքանչիւր մարզիկ 515 հազար ամ. տոլար շահելով, մինչ Թանտըրի մարզիկները ստացան 205 հազար ամ. տոլար:
Պէտք է ըսել, որ տարեշրջանը բաւական վատ ձեւով սկսած Պաքս բաւական լաւ սկսած է խաղալ, մինչ Եաննիս շատ ուրախ էր մրցումէն ետք. «Շատ լաւ բան էր այս բաժակը խումբին համար: Կը բարելաւուինք մրցումէ մրցում… Վեկասի այցելութենէն ետք աւելի լաւ խումբ դարձանք: Շատ հպարտ եմ մեր տղոցմով»:


