Համաշխարհային հանրութիւնը խիստ դժգոհ է, որ ՖԻՖԱ-ն 2034 թուականի աշխարհի ախոյեանութեան (Մոնտիալը) կազմակերպման իրաւունքը տրուած է Սէուտական Արաբիոյ: Այժմ համակիրները նոր դժգոհութեան պատճառ ունին:
Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի, 2034-ի Մոնտիալին ոգելից ըմպելիները ամբողջովին արգիլուած պիտի ըլլան: Սահմանափակումը ոչ միայն մարզադաշտերուն մէջ պիտի ըլլայ, այլ նաեւ ճաշարաններուն եւ սրճարաններուն մէջ նոյնիսկ:
Ըստ Սէուտական Արաբիոյ օրէնքներուն, 1952-էն ի վեր ոգելից ըմպելիներ պահելը կամ օգտագործելը ոչ միայն տուգանքով կը պատժուի, այլեւ մինչեւ իսկ երկրէն արտաքսուելով` օտար քաղաքացիներու համար: