Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ աւարտած աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչները երկամարտի 1 ոսկի եւ 1 պրոնզ մետալներ շահելով գրաւեցին մետալներու դասաւորման 4-րդ դիրքը:
2024-ի Փարիզի Ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, 2 անգամ աշխարհի փոխախոյեան եւ Եւրոպայի գործող ախոյեան Վարազդատ Լալայեան (109 քկ) իր ասպարէզին մէջ առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
Ան երկամարտի 467 քկ կշիռի հաշուով շահեցաւ ոսկի մետալ: 25 տարեկան հայ ծանրաբարձը արաշէի մրցումներուն յաջողութեամբ բարձրացուց 206 քկ, ապա բարձրացուց 211 եւ 215 քկ կշռող ծանրաձողը` շահելով փոքր ոսկի մետալ: Էփոլէ ժըթէի մրցումին ան բաւականացաւ 252 քկ արդիւնքով եւ շահեցաւ փոքր պրոնզ մետալ:
Նոյն կշիռի մրցումներուն, Ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր եւ 2 անգամ աշխարհի փոխախոյեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի փոխախոյեան Գոռ Մինասեան, որ Պահրէյնի դրօշին տակ կը ներկայանար, արաշէի մրցումին 210 քկ կշիռի արդիւնքով շահեցաւ փոքր արծաթ մետալ: Ան երկամարտի արդիւնքով 455 քկ արդիւնք արձանագրելով (210+245) գրաւեց 4-րդ դիրքը` 1 քկ աւելի նուազ բարձրացնելով պրոնզէ մետալակիր Ալիրեզա Եուսեֆէն (Իրան):
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն երկամարտի պրոնզէ մետալ շահած էր 19 տարեկան Ալեքսանտրա Գրիգորեան, երկամարտի 205 քկ (85+120) արդիւնքով: Գրիգորեան էփոլէ ժըթէի մրցումին 120 քկ արդիւնքով շահած էր փոքր արծաթէ մետալ:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն երկամարտի պրոնզէ մետալ շահած էր 19 տարեկան Ալեքսանտրա Գրիգորեան, երկամարտի 205 քկ (85+120) արդիւնքով: Գրիգորեան էփոլէ ժըթէի մրցումին 120 քկ արդիւնքով շահած էր փոքր արծաթէ մետալ:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Գառնիկ Չոլաքեան (61 քկ) Բ. խմբակի առաջին դիրքը գրաւելէ ետք ընդհանուր երկամարտի 280 քկ արդիւնքով գրաւած էր 7-րդ դիրքը:
Ան արաշէի մրցումին փոքր պրոնզէ մետալ շահած էր 130 քկ բարձրացնելով: 2024-ի Փարիզի Ողիմպիական խաղերու մասնակից եւ տարի մը առաջ Եւրոպայի ախոյեան Գարիկ Կարապետեան (102 քկ) փոքր արծաթէ մետալ շահեցաւ արաշէի իր առաջին փորձէն` 183 քկ բարձրացնելէ ետք: Ծանրաբարձը իր երրորդ փորձին վիրաւորուելէ ետք չկրցաւ մասնակցիլ էփոլէ ժըթէի մրցումներուն:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներէն Գոռ Սահակեան (73 քկ) երկամարտի 331 քկ արդիւնք (146+185) ձեռք ձգելով գրաւած էր 8-րդ դիրքը: Անդրանիկ Կարապետեան (89 քկ), Դաւիթ Յովհաննիսեան (96 քկ), Արա Աղանեան (102 քկ) կէտ չեն հաւաքած եւ երկամարտի արդիւնք չեն արձանագրած: Պետրոս Պետրոսեան (109 քկ) Բ. խմբակի մրցումներուն 360 քկ երկամարտի արդիւնքով գրաւած է 11-րդ դիրքը: Աղջկանց 87 քկ կշիռի մրցումներուն, Տաթեւ Յակոբեան երկամարտի 230 քկ արդիւնք ձեռք ձգած է եւ գրաւած 13-րդ դիրքը, մինչ Յակոբ Մկրտչեան (96 քկ) մրցաշարքը սկսելէն անմիջապէս առաջ հրաժարած էր անոր մասնակցելէ:


