Ռէալ Մատրիտի իտալացի մասնագէտ մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի որոշած է հեռանալ իր պաշտօնէն` այս եղանակի աւարտին, նոյնիսկ եթէ Ռէալ Մատրիտ ամէն կարելի տիտղոսները շահի:
Լուրեր շրջան կ՛ընեն, թէ Պայեր Լեւերքուզընի երիտասարդ մարզիչ Զաւի Ալոնսօ զինք պիտի փոխարինէ, հակառակ որ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2026-ի յունիսին:
«Ռէալի մասին խօսակցութիւններ կան, եւ հանգիստ կը վերաբերիմ այդ խօսակցութիւններուն: Արդէն բաւարար անհանգստանալու պատճառներ ունիմ եւ այդ պատճառով ալ պէտք չունիմ մտածելու Ռէալի մասին», ըսաւ Ալոնսօ: