Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին, Նասր խումբը 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Խալիժը, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 65-րդ եւ 98-րդ վայրկեաններուն նշանակեց իր ասպարէզի 918-րդ եւ 919-րդ կոլերը: Ներկայիս ան հաստատ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի 1000-րդ կոլը:
Ակումբներու գծով Ռոնալտօ 784 կոլ նշանակած է, իսկ ազգային խումբին հետ ան 135 կոլ նշանակած է:


