Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Այ. Պի. Էյ.»-ի չեմփիընզ նայթ» բռնցքամարտի երեկոն, որուն ընթացքին ռինկ բարձրացան 6 հայ բռնցքամարտիկներ, որոնցմէ 4-ը տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեցին:
Հայաստանի հաւաքականի անդամ Դաւիթ Չալոյեան արհեստավարժ ռինկի մէջ իր 2-րդ յաղթանակը տօնեց: Ողիմպիական խաղերու մասնակցող գիւմրեցի մարտիկը գերծանր կշիռի 92 քիլոկրամէն «Այ. Պի. Էյ.»-ի «Ուժեղագոյն ընտրանք» քառորդ աւարտականի գծով մրցեցաւ ռուս Վիթալի Քուտուխովի դէմ: Առաջին ռաունտէն իսկ Չալոյեան նախաձեռնողի դեր առաւ եւ հարուածներու տարափ մը հասցուց մրցակիցին. ան մրցումի աւարտին միաձայն որոշումով վստահ յաղթանակ տարաւ 3-0 արդիւնքով:
92 քկ կշիռի մրցումին, Նարեկ Մինասեան նոյնպէս տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ: 6 ռաունտ տեւած մրցումին, Մինասեան 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց նիկերիացի Օսթին Նամտին:
Գուրգէն Մատոյեան 71 քկ կշիռի մրցումին տպաւորիչ ու գեղեցիկ մենամարտ կատարեց շատ աւելի փորձառու ուզպեք մրցակից Քուտրաթիլլօ Ապտուքախորովի դէմ եւ 6 ռաունտէ ետք յաղթեց 3-0 արդիւնքով:
Երեկոյի առաջին յաղթանակը տարաւ Արթուր Բազէեան: Բազէեան մեծ առաւելութիւն ունէր իր ալպանացի մրցակիցին վրայ: Յատկապէս վերջին ռաունտերուն, Բազէեան քիչ մնաց նաք աութի ենթարկէր Արտիթ Մուրժան, 60 քկ կշիռի ելոյթին:
67 քկ կշիռի մրցումին, Արարատ Յարութիւնեան պարտութիւն կրեց մոլտովացի Ալեքսանտրու Փարաշիվի դէմ, մինչ 63,5 քկ կշիռի մրցումներուն, Կարէն Տօնականեան պարտութիւն կրեց Տաճիկիստանի Անիս Չիլայեւէն:
Տիտղոսի մրցումին, ռուս բռնցքամարտիկ Փաւել Սոսուլին 2-րդ ռաունտին նաքաութով պարտութեան մատնեց ֆիլիփեան կղզիներու բռնցքամարտիկ Քարլօ Պաքարոն` պահելով իր տիտղոսը: