Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիվլենտ Յաղթեց Ֆինիքսին

Յունուար 22, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆինիքս Սանզ երէկ դժուար մրցում մը ունեցաւ Օհայոյի մէջ, ուր այս տարեշրջանի լաւագոյն արդիւնքները, ձեռք ձգող խումբը` Քլիվլենտ Քեվելիրզ, իր 36-րդ յաղթանակը արձանագրեց:

Քլիվլենտ մրցումի սկիզբէն տիրապետեց եւ Ֆինիքս մէկ անգամ միայն 1 կէտով կրցաւ անցնիլ Քեվելիրզին, որ պահ մը 32 կէտի ալ հասցուց իր առաւելութիւնը:

Տոնավըն Միջել այս մրցումին նշանակեց 33 կէտ, որոնց 23-ը` Բ. կիսախաղին, մինչ Տարիըս Կարլենտ 16 կէտ աւելցուց ի նպաստ Քլիվլենտի, որ կատարեց եղանակի դարձի իր առաջին մրցումը:

Քլիվլենտ, որ 118-92 արդիւնքով յաղթեց, իր դաշտին վրայ 21-րդ յաղթանակը տարաւ 23 մրցումներու ընթացքին, իսկ Արեւմտեան շրջանի խումբերու դէմ 13-րդ յաղթանակը արձանագրեց 14 մրցումներու ընթացքին:

Իրականութեան մէջ, Քլիվլենտ բնաւ դժուարութիւն չունեցաւ Սանզի դէմ, նոյնիսկ առանց Էվըն Մոպլիի, Այզաք Օքորոյի եւ Քարիս Լըվերթի, որոնք վիրաւոր էին:

Քեւըն Տիւրենթ 23 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆինիքսի, որ իր վերջին 6 մրցումէն 5-ը յաղթած էր: Տեւըն Պուքըր 15 կէտ կրցաւ նշանակել միայն` նկատի ունենալով, որ ան իր վերջին 6 մրցումներուն 30-է աւելի կէտեր կը նշանակէր:

Չարլոթ Հորնեթց իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց` 110-105 արդիւնքով յաղթելէ ետք Տալաս Մեւրիքսին:

Լամելօ Պոլ եւ Մայլզ Պրիճզ 23-ական կէտեր նշանակեցին ի նպաստ Հորնեթցի, որ այս տարեշրջանի լաւագոյն արդիւնքները կ՛արձանագրէ: Քայրի Ըրվինկ 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի, իսկ Տանիէլ Կաֆորտ իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը կրցաւ նշանակել (31 կէտ)` աւելցնելով 15 ռիպաունտներուն, ի նպաստ Տալասի, որ վերջին 5 մրցումներուն 4-րդ պարտութիւնը կրեց:

Դեկտեմբերի կէսերէն բացակայող Լուքա Տոնչիչի տեղը յստակօրէն զգալի է, եւ առանց իր ներկայութեան, Տալաս շատ դժուարութիւն կ՛ունենայ մրցումներ յաղթելու:

Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 123-119 արդիւնքով յաղթանակ մը տարաւ Եութա Ճեզի վրայ յետ երկարաձգման, ուր Սի. Ճէյ. Մաքոլըմ օրուան առաւելագոյն կէտերը նշանակեց 41 կէտով:

Պոսթըն Սելթիքս 125-85 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը` այս վերջինիս դաշտին վրայ, Քալիֆորնիոյ մէջ:

Ճէյսըն Թէյթըմ 22 կէտ նշանակեց ի նպաստ ախոյեան Պոսթընի, որ 30-րդ յաղթանակը արձանագրեց իր 43-րդ մրցումին:

Կոլտըն Սթէյթ 21 յաղթանակի դիմաց իր 21-րդ պարտութիւնը կրեց, ուր աստղ Սթեֆ Քըրրի 18 կէտ նշանակեց:

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ իր դաշտին վրայ 99-112 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Շիքակօ Պուլզէն: Զաք Լըվին 35 կէտ նշանակեց ի նպաստ Շիքակոյի, մինչ Ճէյմս Հարտըն 17 կէտ եւ 10 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Քլիփըրզի:

Նիւ Եորք Նիքս 119-110 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթալանթա Հոքսը, ուր Ճէյլըն Պրանսըն 34 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիքսի: Աթալանթայի լաւագոյն մարզիկն էր Թրէյ Եանկ, որ 27 կէտ նշանակեց:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Չարլոթ Հորնեթց – Տալաս Մեւրիքս 110-105
Հիուսթըն Ռոքեթց – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 96-107
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 108-106
Նիւ Եորք Նիքս – Աթլանթա Հոքս 119-110
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Ֆինիքս Սանզ 118-92
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 85-125
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Եութա Ճեզ 123-119
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Շիքակօ Պուլզ 99-112

 

 

Նախորդը

Թենիս. «Ծեր» Ճոքովիչ Յաղթեց «Երիտասարդ» Ալքարասի

Յաջորդը

Ինթեր Միլան Շնորհաւորեց Մխիթարեանի 36-րդ Տարեդարձը

RelatedPosts

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը
Մարզական

Արթուր Միրանեան Նշանակեց «Իրոնի»-ի Դէմ Յաղթանակի Կոլը

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Ֆորմիւլա 1».  Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին
Մարզական

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Շահեցաւ Միացեալ Նահանգներու Կրան Փրին

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Եու. Է. Էֆ. Ա.».  Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները
Մարզական

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Օրէնքները Կրնան Փոխուիլ` Աւելի Հետաքրքրական Դարձնելու Զտումի Մրցումները

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?