Երէկ տեղի ունեցան Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքի աղջկանց կիսաւարտականի մրցումները, որոնց ծիրին մէջ թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա 1 ժամ 27 վայրկեան մրցումէ մը ետք բաւական դիւրին յաղթանակ մը տարաւ թիւ 12 թենիսվումըն սպանացի Փաուլա Պատոզայի դէմ:
Առաջին սեթին պիելոռուս մարզիկը 6-4 արդիւնքով յաղթեց Պատոզային, որ 2-րդ սեթին 6-2 արդիւնքով տեղի տուաւ 26 տարեկան Սապալենքայի դիմաց, որ յաջորդական երրորդ աւարտականին պիտի մրցի` յոյսով, որ շահի իր 3-րդ տիտղոսը Աւստրալիոյ մէջ: Սապալենքա 2023-ին եւ 2024-ին շահած էր Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը, 2024-ին ան նաեւ շահած էր «Եու. Էս. Օփըն»-ը:
Աւարտականի իր մրցակիցը թիւ 2 Իկա Շվիանթեքը պիտի չըլլայ սպասուածին նման, այլ ամերիկացի Մետիսըն Քիզը (թիւ 14):
Շվիանթեք, որ անցեալ տարի թիւ 1 թենիսվումընն էր, լաւ սկսաւ մրցումը եւ առաջին սեթը 7-5 արդիւնքով յաղթեց, բայց 2-րդ սեթին Մետիսըն Քիզ ինքզինք գտաւ եւ անշարժացուց լեհ թենիսվումընը, որ տեղի տուաւ 6-1 արդիւնքով:
Վերջին սեթը տեւեց երկու սեթերուն չափ` մօտ 1 ժամ 20 վայրկեան, ուր ամերիկացի թենիսվումընը թայ պրէյքով կրցաւ 10-8 արդիւնքով յաղթել, լեհ Շվիանթէքին անգամ մը եւս առիթ չտալով հաւանիլ իր առաջին Աւստրալիոյ մրցաշարքի աւարտականի մրցումին:
Նշենք, որ շաբաթ օր տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը, ուր Մետիսըն Քիզ իր առաջին աւարտականին հասած է կրան շլեմի գծով 2017-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, երբ հասած էր «Եու. Էս. Օփըն»-ի աւարտական:
Այսօր տեղի պիտի ունենան տղոց կիսաւարտականի մրցումները, ուր ժամը 5:30-ին Նովաք Ճոքովիչ պիտի մրցի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ, իսկ 10:30-ին Եաննիք Սինըր պիտի մրցի Պեն Շելթընի դէմ:


