Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Շէյ 54 Կէտ Նշանակեց Եութայի Դէմ

Յունուար 24, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի աստղ Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց` 54 կէտ, Թանտըրը առաջնորդելով 36-րդ յաղթանակին, 9 կէտի առաւելութեամբ Եութա Ճեզի վրայ:

Միւս կողմէ, Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր 43-րդ մրցումին կրեց պարտութիւն մը` Հիւսթընի մէջ, տեղւոյն Ռոքեթցէն, 1 կէտի տարբերութեամբ:

Հիւսթըն վերջին երկվայրկեաններուն կրցաւ շահիլ մրցումը` օգտուելով Քլիվլենտի չար բախտէն: 10 երկվայրկեան մնացած, երբ արդիւնքը 107-107 էր, Տոնավըն Միչել առիթ ունէր 3 կէտեր նշանակելու, սակայն յաջող չէր իր հարուածը, որմէ ետք Ալփերեն Շենկիւն ռիպաունտը հաւաքեց ֆաուլի ենթարկուելով Ճերըթ Էլընէն: Շենկիւն նշանակեց ազատ հարուածները` արդիւնքը դարձնելով 109-107: Թորի Իվըն ֆաուլ կատարեց Տարիըս Կարլենտի վրայ` մրցումի աւարտէն 2-1 երկվայրկեան առաջ, 3 կէտի իր փորձի պահուն: Սակայն Կարլենտ իր 3 հարուածներէն 2-ը… ապա գնդակը հասաւ Միչելի, որ 3 կէտնոց կողով մը փորձեց պազըրի ժամանակ, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ:

Պէտք է ըսել, որ Հիւսթըն 13 կէտի առաւելութիւն ունէր վերջին մասին, բայց Քլիվլենտ 19-0 յաջորդական կէտեր նշանակելով ոչ միայն մօտեցաւ, այլ նաեւ անցաւ Հիւսթընը, որ սակայն եղաւ վերջնական յաղթականը:

Կարլենտ (26 կէտ) եղաւ Քլիվլենտի լաւագոյն մարզիկը, մինչ Ֆրետ Վանվլիթ (26 կէտ) եղաւ Հիուսթընի թիւ 1 աստղը այս մրցումին:

Թեքսասի մէջ, Տալաս իր կարելին ըրաւ, բայց ատիկա բաւարար չէր յաղթելու Մինեսոթա Թիմպըրվուլզի, որ 115-114 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ:

Ճէյտըն Մըքտենիըլզ 27 կէտ նշանակեց` կարեւոր 2 ազատ հարուածներ նշանակելով մրցումի աւարտէն 3 երկվայրկեան առաջ, մինչ Անթոնի Էտուըրտծ 21 կէտ աւելցուց ի նպաստ Մինեսոթայի:

Մայք Քոնլի 2 ազատ հարուածներ նշանակեց ի նպաստ Մինեսոթայի` 11-8 երկվայրկեան առաջ 114-111 դարձնելով արդիւնքը: Քայրի 3 կէտնոց կողով կորսնցուց, ապա գնդակը հասաւ Մըքտենիըլզի, որ ռիպաունտ հաւաքելէ ետք ֆաուլի ենթարկուեցաւ եւ կրցաւ 1 կէտ նշանակել իր ազատ հարուածներով: Գնդակը հասաւ Քայրի Ըրվինկի, որ վազելու ատեն 3 կէտնոց կողով նշանակեց պազըր պեթըրի ժամանակ` արդիւնքը աւարտելով 115-114:

Տալաս, որուն հիմնական 5 մարզիկներէն 4-ը կը բացակայէին, իր կարելին ըրաւ: Սենթըր Տերեք Լայվլի աջ ծունկին մէջ ջիղի վնասուածք ունի, կարտ Քլէյ Թոմփսըն վիրաւորուած է, մինչ սլովենիացի Լուքա Տոնչիչ 24 դեկտեմբերէն ի վեր հեռու կը մնայ դաշտերէն: Տանթէ Էքսըմ, Ճէյտըն Հարտի, Նաժի Մարշըլ եւ Տուայթ Փաուըլ իրենց կարգին վիրաւոր են:

Քայրի Ըրվինկ 36 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տալասի, եւ 18 հազարի հասցուց իր ասպարէզի կէտերու հաշիւը` պատմութեան լաւագոյն 80-ին մօտենալով:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Պրուքլին Նեթց – Ֆինիքս Սանզ 84-108
Տալաս Մեւրիքս – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 114-115
Աթլանթա Հոքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 104-114
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Եութա Ճեզ 123-114
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Չարլոթ Հորնեթց 132-120
Հիւսթըն Ռոքեթց – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 109-108
Սաքրամենթօ Քինկզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 123-117
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 113-117

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Սիթիի Դիրքը Վտանգուեցաւ. Պայերն Ծանր Պարտութիւն Կրեց

Յաջորդը

Ռանոս Կը Հեռանայ Մէօնշընկլատպախէն

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւտօ.  Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճիւտօ. Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Բռնցքամարտ.  Օթար Երանոսեան Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Օթար Երանոսեան Ախոյեան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?