Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխանցումներու Կարճ Լուրեր

January 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ազգային խումբի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Գերմանիոյ Բ. դասակարգի Քայզըրսլաութըրն խումբին հետ: 21 տարեկան ֆութպոլիստը Մէօնշընկլատպախէն միացաւ 6 ամսուան համար վարձակալական հիմունքով:

– ՊԱՅԵՐՆ ՄԻՒՆԻԽ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ ձեռք ձգած է Հոֆենհայմի 19 տարեկան կեդրոնի յետսապահ Թոմ Պիշոֆը: Ան ազատ գործակալի կարգավիճակով պիտի միանայ Պայերնի, երբ անոր պայմանագրութիւնը աւարտի այս ամառ:

– ԵԳԻՊՏԱՑԻ յառաջապահ Օմար Մարմուշ պաշտօնապէս միացաւ Անգլիոյ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիին, լքելէ ետք իր գերմանական Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ ակումբը: Մարմուշ փոխան 75 միլիոն եւրոյի միացաւ Սիթիին` դառնալով ձմեռնային ամէնէն սուղ փոխանցումը մինչեւ օրս: Մարմուշ, որ 7 փետրուարին 26 տարեկան կ՛ըլլայ, Ֆրանքֆորթի հետ 46 մրցումներ կատարած է` նշանակելով 27 կոլ:

Նշենք, որ Սիթի արդէն իսկ ձեռք ձգած էր ուզպեք Խուսանովը եւ պրազիլցի Վիթոր Ռէյսը, որոնք երկուքն ալ պաշտպաններ են:

– ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻԻ աջ պաշտպան Քայլ Ուոքըր այժմ կը գտնուի Միլան, ուր լուրջ բանակցութիւններու մէջ կը գտնուի միանալու Ա. Սէ. Միլանի:

– ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ կը մտածէ լաւ յառաջապահ մը գտնել, որ երկար ժամանակի վրայ կրնայ փոխարինել լեհ Ռոպերթ Լեվանտովսքին:

Նախապէս լուրեր շրջան կ՛ընէին, թէ Պարսելոնա հեհաքրքրուած է շուէտացի Վիքթոր Եոքերեշը ձեռք ձգելու մասին, բայց Սփորթինկ Լիզպոնի կոլ-սքորըրը ըստ երեւոյթին սպասուածէն աւելի «սուղ» էր Պարսելոնայի համար: Պարսա այժմ իր կեդրոնացումը ուղղած է Եուվէի սերպ յառաջապահ Տուշան Վլահովիչի, որուն պայմանագրութիւնը կ՛երկարի մինչեւ յունիս 2026:

– ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ Լոքոմոթիւ ակումբը ըստ երեւոյթին հրաժարած է Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Նայիր Թիքնիզեանի պայմանագրութիւնը երկարաձգելու նպատակէն:

Ըստ «Ար. Պի. Սփորթի», Լոքոմոթիւ պատրաստ չէ աւելցնելու Նայիրի պահանջած գումարը: 25 տարեկան ֆութպոլիստը 23 մրցում կատարած է այս տարեշրջանի երթին` նշանակելով 2 կոլ եւ կատարելով 3 էսիսթ:

– ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏԻ աջ ծայրի յառաջապահ Անթոնի հաւանաբար լքէ «Փրեմիեր լիկ»-ը եւ միանայ «Լա լիկա»-ի խումբերէն Պեթիսի: Երկու խումբերն ալ համաձայնած են պայմաններուն, եւ կը մնան «թղթաբանական վերջնական գործերը»:

– ԻՏԱԼԱՑԻ 34 տարեկան յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի հաւանաբար լքէ Ճենովան: Երբ Պալոթելլի միացաւ Ճենովային, խումբին մարզիչն էր Ալպերթ Ճիլարտինօ, որ սակայն պաշտօնանկ եղաւ: Այժմու մարզիչը` Փաթրիք Վիէյրա, նախապէս աշխատած է Պալոթելլիի հետ եւ շատ ալ լաւ յարաբերութիւն չէ ունեցած իտալացիին հետ: Մոնցան կրնայ ըլլալ Պալոթելլիի յաջորդ խումբը, կամ այլ տարբերակ մը կայ, որ ան մեկնի Աւստրալիա…

– ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԻ եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին բերդապահ Քէյլոր Նավաս միացաւ Նիուելզ Օլտ Պոյզ արժանթինեան ակումբին, աւելի քան 6 ամիսներ պայմանագրութիւն չունենալէ ետք որեւէ ակումբի հետ: 38 տարեկան քոսթառիքացի բերդապահը, ձախողելէ ետք Մոնցայի բժշկական քննութիւններուն, մենեցաւ Արժանթին:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ 134-Ամեակ. Այժմէական Եւ Թելադրական Խոհեր Անցեալէն

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Կրկնեց Իր Յաղթանակը` Օքլահոմայի Մէջ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.