«Չեմփիընզ լիկ»-ի 7-րդ շաբթուան մրցումները սկսան երեքշաբթի օր, երբ Լիզպոնի մէջ Պենֆիքա շատ լաւ կիսախաղ մը ունեցաւ Պարսելոնայի դէմ, որ սակայն Բ. կիսախաղին ինքն իրեն գերազանցելով յաղթական վերադարձաւ Սպանիա:
2-րդ վայրկեանին Պենֆիքայի յոյն յառաջապահ Վանճելիս Փաւլիտիս բացաւ մրցումին հաշիւը: 13-րդ վայրկեանին լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքի փենալթիով նշանակեց Պարսելոնայի հաւասարութեան կոլը, որուն պատասխանեց նոյնինքն Փուլիտիս, որ մինչեւ 30-րդ վայրկեան ամբողջացուցած էր իր հեթ-թրիքը: Կիսախաղին 3-1 արդիւնքով ետ մնացած Պարսելոնա փոփոխութիւններ կատարեց 62-րդ վայրկեանին, որմէ ետք Ռաֆինիա նշանակեց կոլ մը 64-րդ վայրկեանին: 68-րդ վայրկեանին Ռոնալտ Արաուխօ սխալմամբ բերդին մէջ նշանակեց Պենֆիքայի 4-րդ կոլը: 74-րդ վայրկեանին կատարուեցան 2 փոփոխութիւններ, որոնց պտուղը շուտով քաղեց Պարսելոնայի մարզիչ Ֆլիք. Պարսա շնորհիւ Լեվանտովսքիի, Էրիք Կարսիայի եւ Ռաֆինիայի (96-րդ վայրկեանին) կրցաւ կոլեր նշանակելով արդար յաղթանակին տիրանալ:
Լիվըրփուլ իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը ձեռք ձգեց 2-1 արդիւնքով յաղթելով Լիլի: Սալահ եւ Էլիըթ նշանակեցին «կարմիր»-ներուն կոլերը, մինչ քանատացի Ճոնաթըն Տէյվիտ` Լիլի միակ կոլը:
Աթլեթիքօ Մատրիտ բաւական դժուար մրցումէ մը ետք կրցաւ յաղթել Պայեր Լեւերքուզընի` 2-1 արդիւնքով: 23-րդ վայրկեանին Փապլօ Պարիոշ կարմիր քարտ մը ստացաւ եւ կիսախաղ չեղած Փիերօ Հինքափի կրցաւ կոլ մը նշանակել ի նպաստ Լեւերքուզընի:
52-րդ վայրկեանին Խուլիան Ալվարես նշանակեց Աթլեթիքոյի հաւասարութեան կոլը, մինչ Հինքափի ստանալով իր 2-րդ դեղին քարտը (76-րդ վայրկեանին), հեռացուեցաւ դաշտէն: Նոյնինքն Ալվարես 90-րդ վայրկեանին նշանակեց Աթլեթիքոյի յաղթանակի կոլը, որուն շնորհիւ Աթլեթիքօ բարձրացաւ 3-րդ դիրք:
Ստորեւ` 7-րդ շաբթուան առաջին օրուան մրցումներուն արդիւնքները.
Պոլոնիա – Տորթմունտ 2-1
Պենֆիքա – Պարսելոնա 4-5
Լիվըրփուլ – Լիլ 2-1
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Պայեր Լեւերքուզըն 2-1
Ֆ. Ք. Պրիւժ – Եուվենթուս 0-0
Կարմիր Աստղ Պելկրատ – ՓՍՎ Այնտհովըն 2-3
Սլովան Պրաթիսլաւա – Շթութկարթ 1-3
Աթալանթա – Շթուրմ Կրաց 5-0
Մոնաքօ – Ասթոն Վիլա 1-0