ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակի խումբը մասնակցեցաւ Լիբանանի ճատրակի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին:
Միեւնոյն ժամանակ տեղի ունեցաւ նաեւ առաջին դասակարգի ախոյեանութիւնը: ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը գրաւեց 3-րդ դիրքը` Բ. դասակարգի մրցումներուն: