Հայաստանի ազգային խումբի եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոս մօտ օրէն պիտի փոխէ իր ակումբը, ըստ գերմանացի լրագրող Ֆլորիան Փլեթենպերկի:
21 տարեկան Հրանդ-Լէոն Ռանոս պիտի միանայ «Պունտըսլիկա»-ի ակումբներէն Քայզըրսլաութըրնի: Ան փոխ պիտի տրուի Քայզըրսլաութըրնին` վարձակալական հիմունքներով:
Նշենք, որ Ռանոսի այժմու պայմանագիրը` Մէօնշընկլատպախի հետ, կ՛երկարի մինչեւ 2027-ի յունիս: Այժմ անոր գործակալը բանակցութիւններու մէջ կը գտնուի, եւ միայն անոր վարձակալութեան գծով քանի մը կէտերու շուրջ համաձայնութիւններ կ՛ըլլան:
«Պունտըսլիկա»-ի Բ. դասակարգի 18-րդ հանգրուանէն ետք, Քայզըրսլաութըրն 29 կէտ ունի եւ կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը: