Այսօր երեկոյեան ժամը 22:15-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը ախոյեանութեան 5-րդ մրցումը պիտի կատարէ Սաժեսի դէմ:
ՀՄԸՄ իր նախկին 4 մրցումներուն երկու յաղթանակներ եւ երկու պարտութիւններ արձանագրած է, յաղթելով Էն. Էս. Էյ.-ի (83-81) եւ Անդրանիկի (97-94), եւ պարտուելով տարեշրջանի բացման մրցումին (88-96) Մէյրուպայէն եւ վերջին յիշատակելի մրցումին Պէյրութի դէմ (105-109), ուր հերոսական մրցում ունեցած էր Ճորտըն Սթիվընզ` նշանակելով 59 կէտ:
ՀՄԸՄ-ի հետ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Տի. Ճէյ. Քենետի, որ քանի մը օր առաջ փոխարինեց ֆրանսացի Աքսել Թուփանը:
Քենետի, որ շութինկ կարտ եւ սմոլ ֆորուըրտ դիրքերու վրայ կրնայ խաղալ, կրնայ մեծապէս օգնել Ճորտըն Սթիվընզին եւ սենթըր Եոաթ Ալոքի:
Սաժես իր կարգին իրար անցած վիճակ ունի եւ մանաւանդ Ուասլ մրցաշարքի Ռիատիի դէմ պարտութենէն ետք (59-86) օտարներու գծով հարցեր ծագեցան: Խումբին սենթըր Մելքոլմ Այզիա Թոմաս փոխարինուեցաւ Աթեր Մաժոքով, մինչ կասկածներ կան, որ Սաժես նոյնիսկ փոխարինէ խումբին աստղ փլէյ մէյքըր Զաք Լոֆթընը:
Պէյրութ իր 5-րդ մրցումը յաղթանակով աւարտեց երեքշաբթի օր` 93-65 արդիւնքով յաղթելով Թատամոն Հարաժելին:


