Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ ըմբշամարտի Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան գծով սկսան Յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումները:
87 քկ կշիռի Հայաստանի ներկայացուցիչ Վիգէն Նազարեան 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ տարաւ իր ազրպէյճանցի մրցակիցին վրայ:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչներ ունեցան ելոյթներ, որոնց ընթացքին 55 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Արայիկ Թոփալեան, 63 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Դաւիթ Ժոտեան, ինչպէս նաեւ 72 քկ կշիռի ներկայացուցիչ Մարտիկ Պետրոսեան, բայց երեք ըմբիշներն ալ պարտուելով դուրս մնացին: