Այս շաբաթավերջին Եւրոպայի լաւագոյն 5 երկիրներու ախոյեանութեան մրցումներուն հետաքրքրական ճակատումներ տեղի պիտի ունենան:
Անգլիոյ մէջ, «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով վաղը Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Չելսին, Լոնտոնի տերպիի մրցումին:
«Փրեմիեր լիկ»-ի առաջին դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ վաղը Ուեմպլիի դաշտին վրայ պիտի մրցի Նիւքեսըլի դէմ, Անգլիոյ այս տարեշրջանի առաջին տիտղոսին` «Ի. Էֆ. Էլ.» բաժակի աւարտականին:
Առնը Սլոթ պիտի փորձէ իր առաջին եղանակին տիտղոսով սկսիլ` շահելով «Ի. Էֆ. Էլ.» (Քուրապաօ) բաժակը, որ ժամանակին «Լիկայի բաժակ» կը կոչուէր:
Անցեալ տարի գերմանացի մարզիչ Եուրկըն Քլոփի հետ 10-րդ տիտղոսը (այս բաժակի) շահած Լիվըրփուլ պիտի փորձէ Սլոթի հետ այս բաժակի մրցանիշը բարելաւել` շահելով 11-րդ անգամ:
Բոլորին աչքերը ուղղուած պիտի ըլլան այս տարեշրջանի լաւագոյն երկու ռմբարկուներուն` Մոհամետ Սալահի (Լիվըրփուլ) եւ Ալեքսանտր Իսաքի (Նիւքեսըլ): Սալահ 11 կոլ նշանակած է Նիւքեսըլի դէմ իր վերջին 6 մրցումներուն ընթացքին, մինչ շուէտացի Իսաք 22 կոլ նշանակած է այս տարեշրջանին, անոնց 16-ը` առաջին կիսախաղին:
Վերջին 7 տարիներուն միայն 1 աւարտականի բնական 90 վայրկեաններուն կոլ նշանակուեցաւ:
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 28-րդ հանգրուանին, ճակատագրական մրցումի մը, Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան:
Երկու խումբերը 1 կէտով կը բաժնուին, Պարսելոնա 57 կէտով կը գերազանցէ Աթլեթիքոն (56 կէտ), մինչ Ռէալ Մատրիտ, որ 57 կէտ ունի Բ. դիրքին վրայ, կրնայ օգտուիլ այս մրցումի արդիւնքէն, եթէ անշուշտ Վիարէալի դաշտին վրայ այսօր գիշեր դրական արդիւնք արձանագրէ:
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, վաղը գիշեր Գ. դիրքը գրաւող Աթալանթան Պերկամոյի մէջ պիտի հիւրընկալէ առաջին դիրքը գրաւող Ինթեր Միլանը:
Եթէ Աթալանթա յաղթէ Ինթերին, կրնայ զայն գահընկէց ընել, ոչ միայն զայն գերազանցելով (կոլերով), այլ Նափոլիին համար ալ լաւութիւն ընելով. վերջինս միայն 1 կէտով ետ կը մնայ Ինթերէն: Նափոլի պիտի ըլլայ հիւրը` Վենեցիայի, որ կը փորձէ հեռանալ վտանգաւոր դիրքերէն:
Ֆրանսայի մէջ, «Լիկ 1»-ի 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, առաջին դիրքը գրաւող Փարիզ Սեն Ժերմեն պիտի հիւրընկալէ Բ. դիրքը գրաւող Մարսէյը: 16 կէտով ետ մնացող Մարսէյի համար այս մրցումը ամէն ինչէ կարեւոր է, եւ տարիներէ ի վեր միշտ ալ համակիրներու համար «ճակատամարտ» կ՛ըլլայ այս մրցումին:
Ստորեւ` շաբաթավերջի յայտագիրը.
ԱՆԳԼԻԱ
«Փրեմիեր լիկ» (29-րդ շաբաթ)
ԱՅՍՕՐ
Էվըրթըն – Ուեսթ Համ
Իփսուիչ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ
Մանչեսթըր Սիթի – Պրայթըն
Սաութհեմփթըն – Վուլվզ
Պորնմաութ – Պրենթֆորտ
ՎԱՂԸ
Արսենալ – Չելսի
Ֆուլհամ – Թոթենհամ
Լեսթըր Սիթի – Մանչեսթըր Եունայթըտ
«Ի. Էֆ. Էլ.» բաժակի աւարտական
Ժամը 18:30-ին – Լիվըրփուլ – Նիւքեսըլ
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
«Պունտըսլիկա»-ի 26-րդ հանգրուան
Վերտըր Պրեմըն – Մէօնշընկլատպախ
Աուկզպուրկ – Վոլֆսպուրկ
Մայնց – Ֆրայպուրկ
Ունիոն Պերլին – Պայերն Միւնիխ
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Տորթմունտ
ՎԱՂԸ
Պոխում – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
Հայտընհայմ – Հոքշթայն Քիլ
Շթութկարթ – Պայեր Լեւերքուզըն
ԻՏԱԼԻԱ
«Սերի Ա.»-ի 29-րդ հանգրուան
Մոնցա – Փարմա
Ուտինեզէ – Վերոնա
Ա. Սէ. Միլան – Քոմօ
Թորինօ – Էմփոլի
ՎԱՂԸ
Վենեցիա – Նափոլի
Պոլոնիա – Լացիօ Ռոմա
Ա. Էս. Ռոմա – Քալիարի
Ֆիորենթինա – Եուվենթուս
Աթալանթա – Ինթեր Միլան
ՍՊԱՆԻԱ
«Լա լիկա»-ի 28-րդ հանգրուան
Վայատոլիտ – Սելթա Վիկօ
Մայորքա – Էսփանիոլ
Վիարէալ – Ռէալ Մատրիտ
Ժիրոնա – Վալենսիա
ՎԱՂԸ
Լեղանես – Պեթիս
Սեւիա – Աթլեթիք Պիլպաօ
Ռայօ Վայեքանօ – Ռէալ Սոսիետատ
Օսասունա – Խեթաֆէ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Պարսելոնա
ՖՐԱՆՍԱ
«Լիկ 1»-ի 26-րդ հանգրուան
Նանթ – Լիլ
Անժէ – Մոնաքօ
Լանս – Ռենն
ՎԱՂԸ
Լիոն – Լը Հաւր
Մոնփելիէ – Սենթ Էթիեն
Պրեսթ – Ռենս
Սթրազպուրկ – Թուլուզ
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Մարսէյ