Երեքշաբթի գիշեր յստակացան առաջին 4 խումբերը, որոնք հասան այս տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի քառորդ աւարտական:
Անգլիոյ ներկայացուցիչ Լիփըրփուլ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փարիզ Սեն Ժերմենէն:
Մրցումի 120 վայրկեաններուն, երբ արդիւնքը մնաց անփոփոխ, եւ նկատի ունենալով, որ Լիվըրփուլ երթին Փարիզի մէջ նոյն արդիւնքով յաղթած էր, դիմուեցաւ փենալթիներու:
Վիթինիա, Կոնսալօ Ռամոս, Ուսման Տեմպելէ եւ Տեզիրէ Տուէ յաջողութեամբ նշանակեցին իրենց փենալթիները, մինչ Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ կրցաւ նշանակել միայն ի նպաստ Լիվըրփուլի, իսկ Տարուին Նունիեսի եւ Քըրթիս Ճոնզի փենալթիները զսպեց Փարիզի իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարուման:
Պէտք է ընդունիլ, որ ֆրանսական ակումբը Լիվըրփուլէն շատ աւելի առիթներ ստեղծեց եւ կոլի առիթներ ունեցաւ մանաւանդ երթին եւ դարձի երկարաձգման:
Գերմանիոյ մէջ, անցեալ տարուան ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն, որ երթին 3-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Պայերն Միւնիխի դաշտին վրայ, դարձին չկրցաւ բաւարար վտանգ ստեղծել Պայերնի բերդին վրայ:
Ընդհակառակն` Պայերն Միւնիխ ինք էր, որ կրցաւ աւելի վտանգել եւ 2 կոլ ալ նշանակել շնորհիւ Հերի Քէյնի եւ Ալֆոնսօ Տէյվիսի:
Պայերնի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ինթեր Միլան, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆեյենուրտ Ռոթերտամը:
Մարքուս Թիւրամ եւ Հաքան Չալհանօղլու նշանակեցին Ինթերի 2 կոլերը, մինչ լեհ Եաքուպ Մոտեր` Ֆեյենուրտի միակ կոլը: Ինթեր, որ երթին 2-0 արդիւնքով յաղթած էր, հասաւ քառորդ աւարտական, ուր, ինչպէս նշեցինք, 8 ապրիլին պիտի մրցի Պայերն Միւնիխի դաշտին վրայ:
Այս մրցաշարքի գլխաւոր թեկնածուներէն Պարսելոնա 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փորթուգալի Պենֆիքան, շնորհիւ Ռաֆինիայի (2) եւ Լամին Եամալի կոլերուն:
Եամալ եղաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ամէնէն երիտասարդ մարզիկը, որ կոլ մը եւ էսիսթ մը կատարեց մէկ մրցումի ընթացքին` բարելաւելով Էմպոլոյի մրցանիշը: Ռաֆինիա իր կարգին մրցանիշ մը իրագործեց` մէկ եղանակի ընթացքին «Չեմփիընզ լիկ»-ի 11 կոլ նշանակելով: Ան դարձաւ ամէնէն շատ կոլ նշանակող պրազիլցին` բարելաւելով Ռիվալտոյի, Նէյմարի, Քաքայի, Ֆիրմինոյի եւ Ժարտելի մրցանիշները (10 կոլ):