Ֆրանսացի 31 տարեկան միջնապահ Փոլ Փոկպայի կախակայումը աւարտեցաւ պաշտօնապէս, եւ ան կրնայ շարունակել իր ասպարէզը:
Փոկպայի վերջին ակումբն էր Թորինոյի Եուվենթուսը, որուն հետ ֆութպոլիստը խզած էր իր պայմանագիրը նախորդ տարուան հոկտեմբերին:
Ֆութպոլիստը այժմ կարելիութիւններ կը փնտռէ վերսկսելու իր ասպարէզը: Ինքը` Փոկպա, անձամբ կը նախընտրէ միայն եւրոպական խումբերու առաջարկներ` անշուշտ լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններէն:
Մարսէյ ակումբը կրնայ ըլլալ միջնապահին հաւանական կազմը: Փոկպա վերջերս հանդիպած էր նաեւ Ինթեր Մայեմիի նախագահ Տէյվիտ Պեքհամի հետ, Նիւ Եորք Սիթիի դէմ մրցումի պահուն: