Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Փենալթիներով Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Մարտ 14, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի գիշեր տեղի ունեցան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի երկրորդ օրուան մրցումները, որոնց աւարտին Ռէալ Մատրիտ, Պորուսիա Տորթմունտ, Ասթոն Վիլա եւ Արսենալ հասան քառորդ աւարտական:

Կանուխ մրցումին, Տորթմունտ, որ երթին Գերմանիոյ մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր ֆրանսական Լիլ խումբին հետ, կրցաւ Ֆրանսայի մէջ յաղթել եւ ապահովել քառորդ աւարտականի իր տոմսը:

5-րդ վայրկեանին քանատացի յառաջապահ Ճոնաթան Տէյվիտ նշանակեց Լիլի եւ մրցումին առաջին կոլը: Տորթմունտ մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց, լաւ ելոյթ ունեցաւ Լիլի բերդապահ Լուքաս Շըվալիէ:

Բ. կիսախաղին Տորթմունտ շարունակեց տիրապետել, հակառակ անոր որ Լիլ իր կարգին համեմատաբար աւելի առիթ ստեղծեց, քան առաջին կիսախաղը:

Բ. կիսախաղի 7-րդ վայրկեանին պելճիքացի Մէօնիէի ֆաուլէն ետք Տորթմունտ շահեցաւ փենալթի մը, որ կոլի վերածեց Էմրէ Չան:

Այս կոլէն ետք յարձակումները սաստկացան երկուստեք, բայց Տորթմունտ ինք էր, որ կոլ նշանակեց Մաքսիմիլիան Պայերի միջոցով, որ փոխանցում մը ստանալէ ետք Սերհու Կիրակիսիէն, անզսպելի հարուածով գրաւեց Շըվալիէի բերդը:

79-րդ վայրկեանին Ճոնաթան Տէյվիտ առիթ ունէր կոլ մը նշանակելու ի նպաստ Լիլի, բայց զուիցերիացի բերդապահ Կրեկոր Քոպել վարպետօրէն զսպեց հարուածը, եւ Տորթմունտ, որ անցեալ տարի հասած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական, քառորդ աւարտական, ուր պիտի մրցի Պարսելոնայի դէմ:

Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ, Աթլեթիքօ Մատրիտ կը հիւրընկալէր Ռէալ Մատրիտը, որ երթին 2-1 արդիւնքով յաղթած էր Աթլեթիքոյին:

Աթլեթիքօ շատ արագ սկսաւ մրցումը, եւ միջնապահ Քոնըր Կալակըր 30-րդ երկվայրկեանին նշանակեց կոլ մը` գեղեցիկ արագ փոխանցումներէ ետք:

Մրցումի ընթացքին Ռէալ Մատրիտ չկրցաւ լրջօրէն վտանգել Աթլեթիքոյի բերդը: 70-րդ վայրկեանին Քիլիան Էմպափէի վրայ ֆաուլէ մը ետք, Վինիսիուս Ճունիոր չկրցաւ կոլի վերածել փենալթին, եւ գնդակը բաւական բարձր անցաւ Աթլեթիքոյի բերդէն:

Բաւական առիթներ կորսնցուց Աթլեթիքօ, որովհետեւ Թիպօ Քուրթուա մեծ թիւով առիթներ զսպեց:

Երթին եւ դարձին կոլերու տարբերութիւնը հաւասար մնալով դիմուեցաւ փենալթիներու. Էմպափէ, Պելինկհամ եւ Վալվերտէ նշանակեցին Ռէալի առաջին 3 փենալթիները, մինչ Սորլոթ, Խուլիան Ալվարես եւ Անխել Քորէա նշանակեցին Աթլեթիքոյի փենալթիները: ՎԱՐ-ի դիտողութենէն ետք իրաւարարը չեղեալ նկատեց Ալվարեսի փենալթին: Ըստ իրաւարարներու բացատրութեան, ան երկու անգամ դպած էր գնդակին հարուածած պահուն:

Ալվարես ձախ ոտքը գնդակին մօտ դրած պահուն սահեցաւ եւ աջ ոտքով հարուածած պահուն գնդակին երկրորդ անգամ դպաւ, հակառակ անոր որ գնդակը մուտք գործեց բերդին մէջ:

Լուքաս Վասքես Ռէալի 4-րդ փենալթին կորսնցուց, երբ Աթլեթիքոյի բերդապահ Եան Օպլաք զայն զսպեց: Սակայն Մարքոս Լորենթէի հարուածը դպնալէ ետք Ռէալի բերդի ձողին դուրս եկաւ մերժելով մուտք գործել… Ռէալի 5-րդ փենալթին յաջողութեամբ նշանակեց գերմանացի յետսապահ Անթոնիօ Ռուտիկեր, որուն հարուածը Օպլաքի ձեռքերուն մէջէն «փախչելով» մուտք գործեց Աթլեթիքոյի բերդին մէջ` ապահովելով Ռէալ Մատրիտի քառորդ աւարտականի տոմսը:

Այս մրցումին Ռէալ Մատրիտ մրցանիշ հաստատեց, երբ 4-րդ անգամ ըլլալով կրցաւ փենալթիներով յաղթել եւրոպական մրցաշարքի գծով:

Ռէալ Մատրիտ քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Արսենալի դէմ, որ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ՓՍՎ Այնտհովընի հետ: Երթին 7-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած Արսենալ պէտք չունէր յաւելեալ ճիգ թափելու եւ բաւականացաւ հաւասարութեամբ:

Ասթոն Վիլա 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց պելճիքացի Պրիւժը: Քիրիանի Սապ կարմիր քարտ ստացաւ եւ դժուարացուց Պրիւժի գործը, որ 3-1 արդիւնքով պարտուած էր երթին` իր դաշտին վրայ:

Սպանացի Մարքօ Ասենսիօ (2) եւ Իան Մաաթսեն նշանակեցին Ասթոն Վիլայի կոլերը: Վերջինս քառորդ աւարտականին պիտի մրցի Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ:

Նախորդը

Էնզօ Ալվես Կրնայ Սպանիան Ներկայացնել

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Վիգէն Նազարեան Ջախջախիչ Յաղթանակ Արձանագրեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Վրայ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթանակով (90-80) Սկսաւ Տարեշրջանը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւտօ.  Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճիւտօ. Արզումանեան Ընտանիքէն Երկու Անդամներ Մետալներ Շահեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Բռնցքամարտ.  Օթար Երանոսեան Ախոյեան
Մարզական

Բռնցքամարտ. Օթար Երանոսեան Ախոյեան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?