Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցած ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին:
Վերջին օրուան մրցումներուն, հայ ըմբիշ Լեւիկ Միքայէլեան 61 քկ կշիռի մրցումներուն 2-1 արդիւնքով յաղթեց Ճէյհուն Ալլահվերտիեւին (Ազրպէյճան) եւ դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Լեւիկ Միքայէլեան 2023-ին նոյն մրցակիցէն պարտուած էր 20 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան, եւ ան այս ձեւով այս պարտութեան վրէժը լուծեց:
92 քկ կշիռի աւարտականին Կնեազ Իփոյեան 12-1 արդիւնքով պարտուելէ ետք ռուս Մոհամետ Խանիեւէն, դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` շահելով արծաթէ մետալ:
125 քկ կշիռի մրցումներուն, պրոնզէ մետալ նուաճեց Խաչատուր Խաչատուրեան, որ 10-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը տարաւ Միխայիլ Տուպովսքիի դէմ:
Նշենք, թէ Յաբէթնակ Կուրղինեանի գլխաւորած ազգային խումբը 3 մետալներով աւարտեց Եւրոպայի այս ախոյեանութիւնը: