Մանչեսթըր Եունայթըտի սեփականատէր Ճեմ Ռեթքլիֆ խօսած է ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ռուպեն Ամորիմի մասին: Ռեթքլիֆ, հակառակ ոչ շատ համոզիչ արդիւնքներուն, կ՛աջակցի Ամորիմին: Ըստ իրեն, Ամորիմին կը խանգարեն խումբին վիրաւորները:
«Երբ կը նայիմ Ռուպենի կազմին, կը կարծեմ, որ ան իրապէս լաւ աշխատանք կը կատարէ: Ես կը կարծեմ, թէ Ամորիմը ամէնէն տաղանդաւոր երիտասարդ մարզիչներէն մէկն է: Ես իսկապէս այդպէս կը կարծեմ: Ան հիանալի մարզիչ է, եւ ես կը կարծեմ, որ ան երկար կը մնայ այստեղ», ըսաւ Ռեթքլիֆ «Պի. Պի. Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Մանչեսթըր «Փրեմիեր լիկ»-ի դասաւորման 14-րդ դիրքը կը գրաւէ` 34 կէտեր ձեռք ձգելով:
Նշենք, որ Եունայթըտի վիրաւորներուն մաս կը կազմեն Լուք Շօ, Մէյսըն Մաունթ, Լիսանտրօ Մարթինես, Քոպի Մէյնօ, Հերի Մակուայր, Մանուէլ Ուկարթէ, Ճոնի Իվընզ, Ամար Տիալօ, եւ մինչեւ իսկ բերդապահներ Ալթայ Պայընտըր եւ Թոմի Հիթըն: