Մարսելօ անունը Ռէալ Մատրիտի եւ Պրազիլի ազգային խումբի պատմական մարզիկներէն կրնայ ըլլալ, սակայն հաւանականութիւն կայ, որ անոր զաւակը բարձր մակարդակով այլ երկիր ներկայացնէ:
Երէկ, Մարսելոյի աւագ որդին` Էնզօ Ալվես, իր առաջին հրաւէրը ստացաւ, ներկայացնելու Սպանիոյ 17 տարեկանէն վար ազգային խումբը:
15 տարեկան Էնզօ Ալվես մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտի ակադեմիային, ուր կը խաղայ նաեւ 17 տարեկանէն վար խումբէն: Սպանիոյ մէջ ան կը նկատուի իր սերունդի լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկը:
Էնզօ Ալվես ծնած է Մատրիտ եւ իր ամբողջ կեանքը ապրած է հոն, ուստի ի տարբերութիւն իր հօր, ան կրնայ մաս կազմել Սպանիոյ ազգային խումբին: