Շէյ Կիլճիըս – Ալեքզանտր 34 կէտ նշանակեց, իսկ Չեթ Հոլմկրեն 23 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ի նպաստ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի, որ 118-112 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մեսեչուսեթցի մէջ` Պոսթըն Սելթիքսի վրայ:
Հաւանական աւարտականի երեւոյթ ունեցող մրցումին, Թանտըր դիմացաւ Պոսթընի 3 կէտերու տարափին եւ յաղթանակ արձանագրեց: Ճէյսըն Թէյթըմ 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պոսթընի, որ իր 3 կէտերու 63 փորձերէն 20-ը յաջողցուց միայն: Տերեք Ուայթ եւ Ալ Հորֆըրտ 6-ական 3 կէտնոց կողովներ նշանակեցին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ֆիլատելֆիա 118-105
Պոսթըն Սելթիքս – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 112-118
Աթլանթա Հոքս – Չարլոթ Հորնեթց 123-110
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տալաս Մեւրիքս 126-116
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ 122-115
Հիուսթըն Ռոքեթց – Ֆինիքս Սանզ 111-104
Մայեմի Հիթ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 104-119
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Նիւ Եորք Նիքս 113-114
Տենվըր Նակեթց – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 95-115