Ֆութսալի Հայաստանի ազգային խումբը հիւրընկալեց Ղազախստանի ազգային խումբը եւ 4-2 արդիւնքով յաղթեց անոր` գրաւելով զտումի հանգրուանի խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Հայաստանի ազգային խումբը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Ֆութսալի ազգային խումբը խմբային որեւէ մարզաձեւ ներկայացնող առաջին խումբն է հայկական մարզական պատմութեան ընթացքին, որ կը հասնի նման յաջողութեան:
Եւրոպայի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18 յունուարէն 8 փետրուար 2026` Լաթվիայի եւ Լիթուանիոյ մէջ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եուրօ 2026-ի զտումի հիմնական փուլին, Հայաստանի ազգային խումբը մաս կը կազմէր Զ. խմբակին, Ալպանիոյ, Դանիոյ եւ Ղազախստանի կողքին:
10 խմբակներուն պարագլուխի դիրքերը գրաւող խումբերը իրենց տոմսերը ապահովեցին աւարտական մրցաշարքին` միանալով Լաթվիոյ եւ Լիթուանիոյ:
12 խումբերուն պիտի միանան 4 այլ խումբեր, որոնք պիտի գրաւեն Բ. դիրքը գրաւած լաւագոյն 8 խումբերէն զտուած լաւագոյն 4-ը:
Նշենք, որ Հայաստանի 4 կոլերը նշանակեցին Նիքիթա Խրոմիխ (3 կոլ) եւ բերդապահ Ալպերթ Աղաջանով: