Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Տէյլի Էքսփրես» կը յայտնէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ կը փորձէ իր կազմին միացնել Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ` Սերճիօ Ռամոսը, պատրաստ է անոր շաբաթական 105 հազար փաունտ վճարելու:
Մայրաքաղաքի կազմին հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2017-ին եւ ան ներկայիս բանակցութիւններ կը վարէ` իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու շուրջ:
Նախապէս կը հաղորդուէր, որ Ռամոսով հետաքրքրուած են նաեւ Արսենալ եւ Չելսի: