
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 3 յունուարին, Հուփս Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
6-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի վաղը, երբ Ֆուատ Շեհապի մարզահամալիրին մէջ Թատամոն կը հիւրընկալէ Շանվիլը: Այս մրցումը նոյնպէս կը սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
Նշենք, որ երէկ, այս հանգրուանին ծիրին մէջ Ռիատի Մանարայի մէջ, հիւրընկալեց Պիպլոսը: Մրցումը աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 100-65 արդիւնքով: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռիատիի մարզիկներէն Ահմետ Իպրահիմ (21):