Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի.
«Խոր վիշտով տեղեկացանք, որ Սեւասթոփոլ քաղաքին մէջ մահացած է հայ անուանի պասքեթպոլիստ Եւգենի Շեկոյեանը, որ 2014-ի ամրան միացած էր տեղւոյն Մուսսոն խումբին եւ դարձած յառաջատար խաղացողներէն մէկը:
«Դժբախտ պատահարի պատճառով 21 տարեկան պասքեպոլստը, որ 2014-ին Եունիոնի կազմին հետ դարձած էր Հայաստանի բաժակակիր, մեզի հետ չէ այլեւս: Ան կը հանդիսանար Հայաստանի հաւաքականի թեկնածու:
«Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը խորապէս կը ցաւակցի Եւգենի Շեկոյեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ անոր խմբակիցներուն»: