
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 3 յունուարին տեղի ունեցաւ Հուփս – ՀՄԸՄ մրցումը` Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ:
ՀՄԸՄ արձանագրեց դժուար յաղթանակ մը, երբ 59-57 արդիւնքով (13-13, 29-33, 46-47 եւ 57-59) պարտութեան մատնեց հիւրընկալ կազմը:
ՀՄԸՄ-ի հիմնական կազմէն կը բացակայէր` Ռաշատ Մաքքանթց:
Շաբաթ օրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց նշանակած կէտերը եւ մրցումին մասնակցութեան տեւողութիւնը).
Հայկ Խաչերեան (25′ 30″, 8 կէտ, 6 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (40′ 00″, 4 կէտ, 7 ռիպաունտ), Մեթիու Տիպ (12′ 03″, 1 կէտ, 3 ռիպաունտ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (27′ 56″, 21 կէտ, 14 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (20′ 38″, 5 կէտ, 1 ռիպաունտ), Ճիմի Սալեմ (33′ 50″, 13 կէտ, 5 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (40′ 00″- 7 կէտ, 6 ռիպաունտ):
Իսկ Հուփսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ալի Մըզհեր (37′ 35″, 14 կէտ, 5 ռիպաունտ):
Օրուան իրաւարարներն էին Ֆաուզի Աշքութի, Զիատ Թաննուս եւ Թոնի Խուրի:
Երթի 7-րդ եւ վերջին հանգրուանին, ՀՄԸՄ շաբաթ, 10 յունուարին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Թատամոնը: