Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Անդրանիկ Պէյրութը:
Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով` 52-39 արդիւնքով (16-9, 16-11, 11-13 եւ 9-6):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Նաթալի Սվաճեան` 22 կէտ, ապա` Սանտրա Նաժըմ (12):