Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 4 յունուարին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը կատարէ իր երրորդ մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Անդրանիկ Պէյրութը: