Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի մրցումները:
Ախոյեան Պէյրութի դրամատունը, որ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ հիւրընկալեց Քալամունը, 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմէն խրուաթ Վլատան Վիսիթիչ նշանակեց չորս կոլ:
Սատի դաշտին վրայ Մայատին, 3-0 արդիւնքով յաղթեց «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ին: Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Լիբանանեան բանակն ու Թրիփոլի Ֆայհան` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Շուէյֆաթը (7-2) եւ Սեն Ժոզեֆը (4-1):
Նշենք, որ երեք մրցումէ երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ «ֆայնըլ-ֆոր»-ի իր տոմսը: