Սերպ թենիսմեն Նովաք Տիոքովիչ նախորդ շաբաթավերջին հրաժարեցաւ մասնակցելէ Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող թենիսի միջազգային մրցաշարքի աւարտական մրցումին, որուն ընթացքին անոր մրցակիցը պիտի ըլլար անգլիացի Էնտի Միւրէյ:
Այսպիսով, առանց գնդակին հարուածելու, Միւրէյ տիրացաւ տիտղոսին:
«Դժբախտաբար, աւարտական այս մրցումին չեմ կրնար մասնակցիլ` նկատի ունենալով, որ ամբողջ օրուան ընթացքին վատառողջ վիճակի մէջ էի: Կը ցաւիմ, որ համակիրներուս մեծ հիասթափութիւն պատճառեցի: Ինծի համար այս մրցաշարքը բաւական դիւրին էր, բայց աւարտականին չկրցայ մասնակցիլ դժբախտաբար», անոր խօսքերը մէջբերեց Sport360 կայքը: