«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուած ճակատումներուն, Փորթօ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պայէրն Միւնիխը, մեծ անակնկալ մը ստեղծեց, երբ 3-1 արդիւնքով յաղթեց զօրաւոր նկատուող իր հիւրին:
Ռիքարտօ Քուարեսմա նշանակեց երկու կոլ (4-րդ փենալթիով եւ 10-րդ), մինչ երրորդը նշանակեց Ճեքսըն Մարթինեզ (65-րդ): Պայէրնի կոլը նշանակեց Թիակօ Ալքանթարա (28-րդ):
Պարսելոնա իր դաշտէն դուրս տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի դաշտէն: Նէյմար (18-րդ) եւ Լուիս Սուարեզ (67-րդ եւ 79-րդ) նշանակեցին Պարսայի կոլերը, իսկ Կրեկորի Վան տեր Վիել` ֆրանսական կազմին կոլը (82-րդ):