«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Աթլեթիքօ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 21:45-ին:
Նոյն ժամուն, Մոնաքօ հիւրը պիտի ըլլայ Եուվենթուսի:
Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան նոյն ժամուն, Փորթօ պիտի հիւրընկալէ Պայէրն Միւնիխը, իսկ Փարիզ Սեն Ժերմեն` Պարսելոնան: