Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի յառաջապահ Ալեքսանտր Մայըրի ծունկին վնասուածքին բարդացման պատճառով, ան այս տարեշրջանին դաշտ պիտի չներկայանայ, որովհետեւ ծունկի վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի:
Նշենք, որ 32 տարեկան Մայըր այս տարեշրջանին «Պունտըսլիկա»-ի ռմբաձիգը կը հանդիսանայ: Ան 26 մրցումի ընթացքին նշանակած է 19 կոլ:
Ակումբին պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Մայըր ըսաւ. «Շատ տխուր եմ, որ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուիմ եւ պիտի չկարենամ խումբիս օգնել մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: Կը փափաքիմ, որ խմբակիցներս այս տարեշրջանը լաւ ձեւով աւարտեն»: