Ուրուկուէյի ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սերօ – Ռիվըր Փլէյթ մրցումը աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ:
Մրցումին 78-րդ վայրկեանին, հայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան իր կազմը փրկեց պարտութենէ մը, երբ նշանակեց Սերոյի հաւասարութեան կոլը, կը յայտնէ ArmSport.am` եզրափակելով, որ այս մրցումը վերջին 8 ամիսներուն ընթացքին առաջինն էր Պօղոսեանի համար: