Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ եւ դարձի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 12 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռիատա Ուալ Ատապը:
Նշենք, որ նախքան մրցումը, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները մեծ պատառ մը բռնած էին` ոգեկոչելու ապրիլեան զոհերուն անմեռ յիշատակը:
Ա. դասակարգ բարձրանալու համար ՀՄԸՄ կարիքը ունէր յաղթանակի մը, սակայն միեւնոյն ժամանակ Սաժես պէտք էր պարտուէր Իժթիմահիէն, որ արդէն իսկ ապահոված էր Ա. դասակարգին իր տոմսը:
Առաջինը տեղի ունեցաւ, երբ ՀՄԸՄ 6-0 արդիւնքով ջախջախեց իր մրցակիցը` շնորհիւ Խաժակ Սինանեանի (հեթրիք), Ճոնի Քոնճեանի, Գէորգ Օհանեանի եւ Շանթ Գէորգեանի նշանակած կոլերուն:
Անդին սակայն, Սաժես – Իժթիմահի մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Սաժես ինք ըլլայ Ա. դասակարգ բարձրացող խումբը` կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցելով ՀՄԸՄ-ը:
Այժմ տարեշրջանը աւարտած է արդէն: Թէեւ ՀՄԸՄ մնաց Բ. դասակարգին մէջ, սակայն Լիբանանի ֆութպոլասէր հասարակութեան եկաւ յուշելու, որ խումբը գտած է իր ճիշդ ուղին եւ դարձած անցեալի զօրաւոր ՀՄԸՄ-ը:
Վարձքը կատար բոլորին, ըլլան անոնք մարզիչ, մարզիկ, պատասխանատու, համակիր եւ թեքնիք յանձնախումբ: