Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի (քառորդ աւարտական) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Պիպլոս – Թատամոն երրորդ մրցումը:
Իր նախորդ երկու յաղթանակներուն նման իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելով` Պիպլոս ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, 3-0 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը:
Երէկուան այս մրցումին, Պիպլոս արձանագրեց 109-67 արդիւնքով յաղթանակ մը (25-13, 43-29, 73-52 եւ 109-67):
Թատամոնի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քորի Ուիլիըմզ (30):
Նշենք, որ երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունենալիք 4-րդ եւ 5-րդ մրցումները պիտի չկատարուին, որովհետեւ անոնց արդիւնքը կացութենէն բան չի փոխեր:
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, անոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ Շանվիլ եւ Ռիատի եւս կրնան հետեւիլ Պիպլոսի օրինակին` նկատի ունենալով, որ այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցեն իրենց մրցակիցները, յաջորդաբար` Մութթահետը եւ Հուփսը:
Նշենք, որ վերոնշեալ երկու մրցումներն ալ փոխան ժամը 18:00-ի պիտի սկսին ժամը 17:00-ին` նկատի ունենալով, որ ուղղակի պատկերասփռումի հարց մը գոյութիւն ունի: