Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի (3-րդ հանգրուանի) Պիպլոս – Թատամոն 3-րդ մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար ուրբաթ, 17 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 17:50-ին, յառաջաձգուեցաւ այսօր` չորեքշաբթի, 15 ապրիլին: Անիկա տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին` Ժիպէյլի մէջ, երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
Պիպլոս, որ իր կատարած առաջին մրցումին 102-77 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ երկրորդին 102-68 արդիւնքով յաղթանակ մը, այսօր, իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային պիտի ապահովէ կիսաւարտականի իր տոմսը, որովհետեւ վերջին երկու մրցումներուն կարիքը պիտի չզգացուի:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը Սաժեսի դէմ իր երրորդ մրցումը պիտի կատարէ ուրբաթ, 17 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 17:50-ին Ղազիրի դաշտին վրայ: