
Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, կատարուեցան երկու ճակատումներ:
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այսօր եւս պիտի կատարուին երկու այլ ճակատումներ: Փորթօ պիտի հիւրընկալէ Պայէրն Միւնիխը, մինչ Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Փարիզ Սեն Ժերմենի: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումներուն, Աթլեթիքօ Մատրիտ հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտը: Երկու կազմերն ալ թէեւ փորձեցին կոլ նշանակել, սակայն մրցումը աւարտեցաւ ճերմակ հաւասարութեամբ:
Իսկ երէկուան երկրորդ մրցումին, Եուվենթուս 1-0 արդիւնքով յաղթեց Մոնաքոյի` շնորհիւ Արթուրօ Վիթալի նշանակած կոլին (57-րդ` փենալթիով):