Նախորդ շաբաթավերջին Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցաւ աղջկանց թենիսի ֆետերասիոններու բաժակի Գ. խմբակին վիճակահանութիւնը:
ArmSport.am լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի հաւաքականը իրեն մրցակից պիտի ունենայ Յունաստանը եւ կազմակերպիչ երկիրը` Մոնթենեկրոն:
Նշենք, որ 4 խմբակներու պարագլուխի դիրքերը գրաւող խումբերը իրաւունք կը ստանան ապահովելու «Ֆետ-քափ»-ի 2-րդ հանգրուանին իրենց տոմսերը:
Այս մրցաշարքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Անի Ամիրաղեան, Լուսինէ Չոպանեան եւ Միլենա Աւետիսեան` իրենց մարզիչ ունենալով Գայեանէ Մովսիսեանը:
Երէկ, իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստանի հաւաքականը պարտութիւն մը կրեց Յունաստանէն: