Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Պարտութեան Մատնեց Սաժեսը` 85-77 Արդիւնքով

April 14, 2015
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

basketballt21Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան Գ. հանգրուանի մրցումներուն (քառորդ աւարտական) ծիրին մէջ, կիրակի, 12 ապրիլին, ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաժեսը:

Սաժեսի դէմ տեղի ունեցած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ, որ դժուարութեամբ տեղի տուած էր, բաւական լաւ ներկայացում մը կատարելով տպաւորիչ յաղթանակով մը պարտութեան մատնեց Սաժեսը` 84-77 (16-24, 39-35, 57-53 եւ 85-77) արդիւնքով, դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն ներկայութեան:

Նշենք, որ նախքան մրցումին սկսիլը, երկու կազմերուն մարզիկները պաստառ մը բռնած էին` ոգեկոչելու համար ապրիլեան 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը:

Մինչ քառորդ աւարտականի մնացեալ երեք խումբերը ուշացած են 2-0 արդիւնքով, ՀՄԸՄ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել 1-1 արդիւնքով:

Կիրակի օրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով (փակագիծերուն մէջ` անոնց դաշտ ներկայացած ժամանակը եւ նշանակած կէտերը).

Տիոն Տիքսըն (40′ 00″, 24 կէտ, 6 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան (37′ 04″, 11 կէտ, 4 ռիպաունտ), Մայքըլ Ֆրէյզըր (40′ 00″, 22 կէտ, 22 ռիպաունտ), Մարք Քորճեան (15′ 02″, 8 կէտ, 1 ռիպաունտ), Ճիմի Սալեմ (27′ 52″, 9 կէտ, 2 ռիպաունտ) եւ Ճօ Վոկըլ (40′ 00″, 11 կէտ, 11 ռիպաունտ):

Սաժեսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տեսմընտ Փենիկար (40′ 00″, 32 կէտ, 11 ռիպաունտ), ապա` Թերել Սթոկլին (40′ 00″, 26 կէտ, 4 ռիպաունտ):

Օրուան իրաւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Փոլ Սքայեմ եւ Թոնի Խուրի:

Ինչ կը վերաբերի մնացեալ երեք մրցումներուն, Ռիատի Պէյրութ, Պիպլոս եւ Շանվիլ 2-0 արդիւնքով յառաջացան` յաջորդաբար յաղթելէ ետք Հուփսի (82-69) Թատամոնի (102-68) եւ Մութթահետի (92-88):

Եթէ պատահի, որ վերոնշեալ երեք յաղթական խումբերը արձանագրեն իրենց երրորդ յաղթանակը, մնացեալ վերջին երկու մրցումներուն կարիքը պիտի չզգացուի, որովհետեւ արդէն իսկ անոնք ապահոված պիտի ըլլան կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:

Ստորեւ կու տանք ութ խումբերուն կատարելիք 3-րդ մրցումներուն յայտագիրը.

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 16 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Շանվիլ – Մութթահետ 18:00 Շանվիլ
Ռիատի – Հուփս 18:00 Մանարա
ՈՒՐԲԱԹ, 17 ԱՊՐԻԼ
Սաժես – ՀՄԸՄ 17:50 Ղազիր
Պիպլոս – Թատամոն 17:50 Ժիպէյլ
Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց «Ֆայնըլ-Ֆոր»-ի Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Տարեշրջանը Աւարտեց Ջախջախիչ Յաղթանակով (6-0), Բայց Մնաց Բ. Դասակարգ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.