Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Օլիմփիք Մարսէյ իր դաշտին` «Վելոտրոմ»-ի մէջ հիւրընկալեց Լորիանը: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրող պարտութեամբ` 5-3 արդիւնքով:
Նախքան մրցումին ազդանշանը տրուիլը, Մարսէյի համակիրները ցուցադրեցին պաստառ մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Մրցումէն ետք, Մարսէյի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կայէլ Անտոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց խումբին համակիրներուն:


