Ներկայիս Գերմանիոյ Նիւրենպերկ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Փորշ Մոպայլ-1» ինքնաշարժի միջազգային մրցաշարքը:
Սպանացի անուանի վարորդ Ալեքս Ռիպերաս, որ այս մրցաշարքին գլխաւոր թեկնածուներէն մէկն է, իր ինքնաշարժին փակցնել տուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին խորհրդանիշը` անմոռուկը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Անոր ինքնաշարժին այդ լուսանկարը տրամադրած է Պարսելոնայի մէջ բնակող հայ գործարար Արման Մայիլեան: