Կիրակի, 19 ապրիլ 2015-ին, ներքին ապահովութեան ուժերը կազմակերպած էին 21 քմ վազքի մրցում մը: Կէս մարաթոնը կը կատարուէր 8-րդ անգամն ըլլալով: Այս վազքի մրցումին հրաւիրուած էին նաեւ Արաբական երկիրներու ապահովութեան ուժերը ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը: Հիւրերուն հետ մասնակցեցան նաեւ Լիբանանի մարզական ակումբներն ու բանակը:
Կէս մարաթոնը կը հովանաւորէր ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս: Ներկայ էին արաբական երկիրներու դեսպաններ, Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ եւ այլ զինուորական անձնաւորութիւններ: Կէս մարաթոնին վազեցին 1200-է աւելի երկսեռ մարզիկներ:
Վազքի մրցումը սկսաւ Լիբանանի պատմական թանգարանին դիմացէն, առաւօտեան ժամը 7:00-ին: Լիբանանեան բանակի նուագախումբը հնչեցուց Լիբանանի քայլերգը, որմէ ետք մարզիկները վազեցին Պէյրութի փողոցներէն ու մրցումը աւարտեցին նոյն վայրին մէջ:
Լեւոն Թաշճեան, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ Պէյրութը, 21 քմ վազքի մրցումը աւարտեց 2 ժամ եւ 4 վայրկեան ժամանակէն: Ան իր տարիքային խմբաւորման մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը: Լեւոն Թաշճեան ստացաւ իր տիտղոսը, ձեռամբ` հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի: