Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 19 ապրիլին, կեդրոնական Պէյրութի շրջանին մէջ (ճաշարան «Քարամնա»), տեղի ունեցաւ Լիբանանի արագ ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ա. եւ Բ. դասակարգերու 18 խումբեր:
7 ռաունտերու վրայ երկարած այս ախոյեանութիւնը սկսաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Անիկա աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 19:00-ին, ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:
31 կէտ ապահովելով առաջին դիրքը գրաւեց Թանմիա, ապա անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Անդրանիկ (29,5) եւ Անսար (28):
ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը, արձանագրելով 4 յաղթանակ եւ կրելով 3 պարտութիւն, 26 կէտով գրաւեց 7-րդ դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի կազմէն սոյն ախոյեանութեան մասնակցեցան Րաֆֆի Ճիկերեան, Ժիրայր Օգնայեան, Ռազմիկ Օգնայեան, Յովիկ Արամալեան, Յովիկ Թորոսեան, Գէորգ Թերզեան, Էլի Յակոբեան, Հրակ Լախեան եւ Ճիօ Գալուստ: